2014-10-13 09:55:38

Փարիզի մէջ տեղի կ'ունենայ միջազգային գիտաժողով` Գերապայծառ Ժան Ռոտանի մասին։


(Ռ.Վ. 13 հոկտեմբեր 2014) ''Կաթողիկէ օգնութիւն'' բարեսիրական հիմնարկը, յառաջիկայ 17 եւ 18 հոկտեմբերին, գիտաժողով մը կը կազմակերպէ, Փարիզի կաթողիկէ համալսարանին մէջ, որուն նիւթն է` եղբայր օգնութեան աստուածաբանութեան սերտողութեան ծաւալումը։
Գերապայծառ Ժան Ռոտան (1900-1977), վերոյիշեալ հիմնարկի հիմնադիրը, կաթողիկէ օգնութիւն շարժումին առընթեր ուզած էր զարգացնել ու ծաւալել եղբայր օգնութեան աստուածաբանական մասնաճիւղը։ Ներկայիս ֆրանսայի կաթողիկէ վեց համալսարաններու մէջ կը դասաւանդուի եղբայր օգնութիւն աստուածաբանութիւնը։ www.fondationjeanrodhain.org կայքի մէջ կարելի է գտնել Ժան Ռոտանի կենսագրութիւնը, անոր գրութիւնները ու նկարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.